image

Արցախի մէջ նոր պատերազմ պիտի չըլլայ. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի մէջ  նոր պատերազմ պիտի չըլլայ. Արայիկ Յարութիւնեան

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 12 մարտին այցելած է ԱՀ պետական եկամուտներու կոմիտէ եւ հանդիպած է խումբ մը աշխատակիցներու հետ: 
Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն՝ քննարկուած են երկրի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակը, առկայ խնդիրներու յաղթահարման եղանակներն ու հեռանկարները: Նախագահ Յարութիւնեանն ընդգծած է, որ, ի հեճուկս տարբեր խօսակցութիւններու, Արցախը պիտի չհրաժարի անկախութեան ճանապարհէն եւ, Պաշտպանութեան բանակի ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի աջակցութեամբ, պիտի կառուցէ իր անվտանգութեան համակարգը՝ երկարատեւ ժամանակահատուածի մէջ իրականացնելով տնտեսական զարգացման ծրագրեր:

Արայիկ Յարութիւնեանը յորդորած է տուրք չտալ Արցախի մէջ նոր պատերազմ սկսելու մասին անհիմն խօսակցութիւններուն, որոնք աւելի շատ միտուած են բնակչութեան շրջանին տարատեսակ խուճապային տրամադրութիւններու ստեղծման: Ան կոչ ըրած է հասարակութեան բոլոր ջանքերը միասնականօրէն ուղղելու պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ պետութեան անվտանգային ու ընկերային-տնտեսական երկարաժամկէտ զարգացման:

Հանդիպման ընթացքին նախագահը նաեւ պատասխանած է ներկաներուն յուզող հարցերուն: