image

Արցախի մէջ. Ատրպէյճանցիք կրակ բացած են քաղաքացիներու ուղղութեամբ

Արցախի մէջ. Ատրպէյճանցիք կրակ բացած են քաղաքացիներու ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական մարտական դիրքէն կրակ արձակուած է գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Ներքին գործոց նախարարութենէն։

Նոյեմբեր 16-ին ժամը 14:30-ին, Ասկերանի շրջանի Սարուշէն գիւղի 36-ամեայ բնակիչը ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժնի Կարմիր շուկայի բաժանմունք դիմած է այն մասին, որ ժամը 11:40-ի սահմաններուն Ամարասի հովիտին մէջ գտնուող Ասկերանի շրջանի Սարուշէն համայնքին պատկանող գիւղատնտեսական հողատարածքներուն մէջ աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ, ատրպէյճանական բանակի ծառայողները յարակից մարտական դիրքէն հրաձգային տարբեր զինատեսակներէ անկանոն կրակ բացած են դաշտին մէջ աշխատող քաղաքացիներու ուղղութեամբ։

Հրադադարի ռեժիմի խախտման պատճառով դադարեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Քաղաքացիական անձանց շարքին տուժածներ չկան։

Դէպքի մասին ոստիկանութիւնը տեղեկացուցած եւ համապատասխան նիւթեր տրամադրած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին։

Ստուգմամբ կը զբաղուի ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը։