Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով զրոյց ունեցած է իր ֆրանսացի գործընկեր Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Անոնք մանրակրկիտ քննարկած են միջազգային օրակարգի արդիական հարցեր:
Միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Լիւիոյ եւ իրանեան միջուկային ծրագրին վերաբերեալ կարգաւորման խնդիրներուն շուրջ:
Փոխադարձ տրամադրուածութիւն արտայայտուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքներուն համար` առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափով: