image

Արցախի հարցը Լաւրով-Լը Տրիան բանակցութեանց սեղանին

Արցախի հարցը  Լաւրով-Լը Տրիան բանակցութեանց սեղանին

Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով զրոյց ունեցած է իր ֆրանսացի գործընկեր Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Անոնք մանրակրկիտ քննարկած են միջազգային օրակարգի արդիական հարցեր:

Միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Լիւիոյ եւ իրանեան միջուկային ծրագրին վերաբերեալ կարգաւորման խնդիրներուն շուրջ:

Փոխադարձ տրամադրուածութիւն արտայայտուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքներուն համար` առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափով: