image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի հարցով ԱՄՆ դէմ է Ատրպէյճանի միակողմանի քայլերուն

 Արցախի հարցով ԱՄՆ դէմ  է Ատրպէյճանի միակողմանի քայլերուն

ԱՄՆ հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը երկարաժամկէտ սկզբունքով լուծելու օգտին, ինչպէս նաեւ դէմ է միակողմանի քայլերուն այս առումով: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն:

«Ես շատ աշխոյժ եւ անմիջականօրէն շփուած եմ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ: Մասնաւորապէս, վերջերս` մէկ շաբաթ առաջ, հեռախօսազրոյցներ ունեցայ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ այս երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներուն հետ` փորձելով խթանել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հեռանկարները», ըսած է Պլինքըն:

Անոր խօսքով` Ուաշինկթընը այդ կապակցութեամբ «կը մշակէ եւ կը խթանէ վստահութեան ամրապնդման տարբեր միջոցառումներ»:

«Մենք դէմ ենք որեւէ միակողմանի գործողութիւններուն, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ, որոնք միայն կը սրեն իրավիճակը», ընդգծած է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը: