Կառավարութեան շէնքին առջեւ բողոքի շարժում իրականացնող արցախցիները նամակ յանձնեցին կառավարութեան: Նամակին մէջ ներկայացուած է բռնի տեղահանուած արցախցիներու խնդիրները: Նամակին մէջ արցախցիները պահանջած են հանդիպում Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան հետ:
Այս մասին կ'իմանանք «Նիւզ.ամ»էն:
Այժմ արցախցիները քայլերթով կը շարժին դէպի ՄԱԿ-ի գրասենեակ, որուն նոյնպէս պէտք է յանձնեն նամակ: