image

Արցախցիներ բողոքի նամակ յանձնեցին կառավարութեան (Տեսանիւթ)

Արցախցիներ բողոքի նամակ յանձնեցին կառավարութեան  (Տեսանիւթ)

Կառավարութեան շէնքին առջեւ բողոքի շարժում իրականացնող արցախցիները նամակ յանձնեցին կառավարութեան: Նամակին մէջ ներկայացուած է բռնի տեղահանուած արցախցիներու խնդիրները: Նամակին մէջ արցախցիները պահանջած են հանդիպում Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան հետ:

Այս մասին կ'իմանանք «Նիւզ.ամ»էն:

Այժմ արցախցիները քայլերթով կը շարժին դէպի ՄԱԿ-ի գրասենեակ, որուն նոյնպէս պէտք է յանձնեն նամակ: