Արցախցի փաստաբան Ռոման Երիցեանի եղբայրը ծեծի չէ ենթարկուած, կը տեղեկացնէ ՆԳՆ ոստիկանութիւնը՝ ներկայացնելով ծառայողական քննութեան արդիւնքները։
«Նշանակուած ծառայողական քննութեամբ ուսումնասիրուել են ինչպէս պարեկներին ամրակցուած, այնպէս էլ յարակից տարածքներում տեղադրուած տեսահսկող սարքերի տեսագրութիւնները։ Պարզուալ է, որ հիմնաւոր կասկածանքով ձերբակալման եւ ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին տեղափոխելու ընթացքում նշուած անձը ծեծի չի ենթարկուել, նա չունի որեւէ կոտրուածք, ոչ նրա, ոչ ԼՂ բնակչութեան հասցէին չի հնչել վիրաւորական որեւէ արտայայտութիւն, ձերբակալումն էլ կատարել են ոչ թէ պարեկային 10 ծառայողներ, ինչպէս նշուած է հրապարակման մէջ, այլ մէկ կարգախումբ՝ երկու պարեկով։ Ձերբակալման ընթացքում տղամարդը հասցրել է հարուածներ եւ դիմադրութիւն ցոյց տուել պարեկներին։ Դէպքի առթիւ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ոստիկանութիւնը կոչ կ՚ընէ զերծ մնալու կեղծ տեղեկութիւններ տարածելէ, որոնք նպատակ են հետապնդում պառակտել հասարակութիւնը․ «Որոշ օգտատէրերու կողմից հրապարակուած ակնյայտ սուտ եւ իրականութեան հետ աղերս չունեցող տեղեկութիւնները, ենթադրաբար, նպատակ ունեն թիրախաւորել պարեկային ծառայութեանը, մոլորեցնել հանրութեանը, ստեղծել տպաւորութիւն, թէ իբր ոստիկանութիւնը առանձնայատուկ բացասական վերաբերմունք ունի ԼՂ-ից բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցների հանդէպ»։