image

Լոս Անճելըս. Հանդիպում 100-ամեայ մտաւորական Փանոս Թիթիզեանին հետ

Լոս Անճելըս. Հանդիպում 100-ամեայ մտաւորական Փանոս Թիթիզեանին հետ

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

Օրերս ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի հայ իրականութեան մէջ աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցող խումբ մը ազգայիններ սրտակցական հանդիպում մը ունեցած են հայագաղութի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն, յայտնի մտաւորական եւ հրապարակախօս՝ Տիար Փանոս Թիթիզեանին հետ։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացած է սրտբացօրէն զրուցելու հայկական կեանքը յուզող հիմնահարցերուն մասին։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Սեմ Սիմոնեան, իր կողքին ունենալով ՌԱԿ-եան անդամներ՝ Գէորգ Հալէպլեան, Ռաֆֆի Պալեան եւ Փանիկ Քէշիշեան։ Ներկայ եղած են նաեւ Ժոզէֆ Կանիմեան, Ռուբէն Աւշարեան, ինչպէս նաեւ անդամներ՝ Փանոս Թիթիզեանի ընտանիքէն։

Սոյն իւրայատուկ հանդիպման մասին «Արեւելք» իմացաւ վերջին տարիներուն ԱՄՆ հաստատուած ակադեմական գործիչ՝ Դոկտ. Ռուբէն Աւշարեանի կատարած գրառումէն։ Ստորեւ այդ գրառումը թէ 18 մարտ 2026 ին, Քալիֆորնիոյ Լա Գանատա-Ֆլինթրիճ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հանդիպում մը։

Հանդիպման ներկայ եղան ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Տէր եւ տիկին Սեմ Սիմոնեանները, ինչպէս նաեւ նշանաւոր գրող եւ քաղաքական մեկնաբան, 100-ամեայ Փանոս Թիթիզեան։

Հաւաքը տեղի ունեցաւ Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Արփի Կանիմեաններու բնակարանին մէջ, ուր հիւրերը ընդունուեցան են ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ մտքերու փոխանակութեան, գրական եւ քաղաքական զրոյցներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կեանքի եւ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան վերաբերեալ քննարկումներու։