Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը նոյեմբեր 15-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Պրիւքսէլ:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Բադալեանը։
Արարատ Միրզոյեանը պիտի մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի 15-րդ տարեկան վեհաժողովին:
Այցի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ այլ հանդիպումներ: