image

Արաքչի եւ Քալաս միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներու շուրջ

Արաքչի եւ Քալաս միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներու շուրջ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։ Այս մասին ան յայտնած է իր Թելեկրամեան ալիքով։

Զրոյցի ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներու շուրջ, -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։