Լիբանան- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի կարծիքով Թուրքիա մեղասակից է Քեսապի մէջ կատարուած դէպքերուն առընթեր: Վեհափառը այս կարծիքը յայտնած է Հայրենի «Առաջին Ալիք» (Հ 1 ) հեռուստաընկերութեան լրագրող ՝ Սուսան Պատալեանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին: Վեհափառը ըսած է, որ «1915-ի Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է առնչել ներկայ կեանքի պայմաններուն ըսելով որ, ահաւասիկ այն ինչ որ կը կատարուի միջին արեւելքէն ներս նոյն ցեղասպան թուրքն է, որ զանազան ձեւերով կ'աջակցի այն ինչ, որ կը կատարուի այսօր քրիստոնեայ համայնքներու եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ: Նոյն ցեղասպան թուրքն է, որ արտօնեց եւ քաջալերեց, որ ծայրայեղականներ Քեսապ մտնեն». Եզրակացուցած է Մեծի Տանն Կիլիոկոյ Կաթողիկոս Տ. Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: