Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ հակառակ անցեալ ամիս Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան Թուրքիոյ հաւանութիւնը երաշխաւորող համաձայնութեան ստորագրութեան, Շուէտը տակաւին չէ յանձնած կասկածելիները, որոնք Անգարայի կողմէ ահաբեկչութեան յանցանքով ամբաստանուած են:
Անգարա Շուէտէն կը պահանջէ 73 կասկածելիներ արտայանձնել, իսկ Ֆինլանտայէն` տասնեակներով ուրիշներ: Երեք երկիրները ստորագրած են համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ սկանտինաւեան երկու երկիրները կը խոստանան ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, որուն դիմաց Թուրքիան կը խոստանայ անոնց ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան չընդդիմանալ: Սակայն Անգարա յայտնած է, որ անոնց դաշինքին անդամակցութեան արգելք պիտի հանդիսանայ, եթէ իրենց խոստումները չյարգեն:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն