image
Հրատապ լուրեր:

Ապօրինի պահուող լուսանը տեղափոխուած է Երեւանի կենդանաբանական այգի

Ապօրինի պահուող լուսանը տեղափոխուած է Երեւանի կենդանաբանական այգի

Փետրուար 3-ին Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմնի եւ «Երեւանի կենդանաբանական այգի»-ի աշխատակիցներն Արարատի մարզի «Հրաշք այգի» ճաշարանայինային համալիրի կենդանիներու պահման վայրէն՝ թոյլտւութիւն չունենալու հիմքով վերցուցած են 7 վայրի կենդանի, այդ շարքին նաեւ ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ գրանցուած թռչուններ․

մասնաւորապէս՝

  • լուսան՝ 1 առանձնեակ,
  • սպիտակագլուխ անգղ՝ 2 առանձնեակ (ՀՀ Կարմիր գիրք),
  • գեղանի կռունկ՝ 2 առանձնեակ (ՀՀ Կարմիր գիրք),
  • ալեքսանդրիայի թութակ՝ 1 առանձնեակ,
  • կռամեռի վզնոցակիր թութակ՝ 1 առանձնեակ։

Տեսչական մարմնէն յայտնած են, որ կենդանիները տեղափոխուած են Երեւանի կենդանաբանական այգի, ուր պիտի անցնին բժշկական զննում եւ պիտի գտնուին մասնագիտական խնամքի տակ։

COP17 համաժողովին ընդառաջ Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինը կենսաբազմազանութեան պահպանման ու շրջակայ միջավայրի կայուն զարգացման նպատակով հետեւողականօրէն կը շարունակէ անազատութեան մէջ պահուող վայրի կենդանիներու պահման պայմաններու եւ իրաւական հիմքերու ստուգման գործընթացը։

Վայրի կենդանիներու անազատ կամ կիսաազատ պայմաններու մէջ պահելը թոյլատրելի է բացառապէս լիազօր մարմնի կողմէ համապատասխան թոյլտւութիւններու առկայութեան պարագային։