Եւրոպական Միութիւնը խստագոյնս կը դատապարտէ Զվեչանի մէջ 29 մայիսի ցնցող բռնութիւնը։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։
«Բռնի գործողութիւնները, որոնք կատարուած են ՆԱԹՕ-ի՝ Քոսովոյի ուժերու, լրատուամիջոցներու, քաղաքացիականներու եւ ոստիկանութեան նկատմամբ, բացարձակապէս անընդունելի են»,- գրած է ան՝ անրադառնալով 29 մայիսի դէպքերուն։
Բարձրաստիճան դիւանագէտը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Քոսովոյի իշխանութիւններուն ու ցուցարարներուն կոչ կ'ընէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն թուլացնելու իրավիճակը։
«Մենք կ'ակնկալենք, որ Կողմերը գործեն պատասխանատու եւ անյապաղ երկխօսութեան միջոցով քաղաքական լուծում գտնեն»,- գրած է ան։
29 Մայիսին, հիւսիսային Քոսովոյի մէջ ոստիկանութիւնն ու ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ զօրքերը բախած են սերպ ցուցարարներու հետ, քանի որ կը շարունակուին անկարգութիւնները՝ էթնիք ալպանացի քաղաքապետերու նշանակման հետ կապուած:
Արցունքաբեր կազ ու լուսաձայնային նռնակներ կիրառուած են Զվեչան քաղաքին մէջ ցուցարարները զսպելու համար, երբ անոնք փորձած են ներխուժել տեղական ինքնակառավարման շէնք:
ՆԱԹՕ-ի զինուորները նաեւ անվտանգութեան շղթայ կազմած են երկու այլ քաղաքապետարաններու շուրջ:
Մահուան դէպքեր չեն գրանցուած, սակայն կան վիրաւորներ։