Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաք Տարը Ապրիլ 7-ի վաղ առաւօտեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտ ալ-Աթթիի հետ՝ քննարկելով շրջանի վերջին զարգացումները՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Հորմուզի նեղուցի բացման համար սահմանուած վերջնաժամկէտին մօտենալուն լոյսին տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ Associated Press-ը։
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ղեկավարները «շեշտած են լարուածութեան նուազեցման եւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը» եւ համաձայնած են սերտօրէն համագործակցիլ՝ իրավիճակի զարգացման զուգահեռ։
Ապտ ալ-Աթթին նաեւ զրուցած է ԱՄՆ նախագահի բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնի հետ։
«Հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին քննարկուած են արագ զարգացող իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան նուազեցման եւ լարուածութեան թուլացման հասնելու համար փոխըմբռնում գոյացնելու ճիգերը»,– յայտնած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Փաքիստանը շրջանի երկիրներու աջակցութեամբ դիւանագիտական ճիգեր կը գործադրէ՝ ԱՄՆ-ն եւ Իրանը բանակցութեան սեղանի շուրջ բերելու համար։