image

Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ

Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ: Այս մասին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

Նիստին, բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնն ու ատոր յաղթահարմանն ուղղուած հետագայ քայլերը: