image

16 Օր պատանդ մնալէ ետք ազատ արձակուած իսրայէլցի կինը «գոված է» «Համաս»ը

16 Օր պատանդ մնալէ ետք ազատ արձակուած իսրայէլցի կինը «գոված է» «Համաս»ը

Հոկտեմբեր 23-ի գիշերը պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորման կողմէ 16 օր պատանդ պահուելէ ետք ազատ արձակուած տարեց կինը յայտարարած է, որ խաղաղութիւն կը ցանկայ իրեն գերի վերցուցածներուն՝ հակառակ այս օրերու ընթացքին «դժոխքի միջէ» անցնելուն:

Նախօրէին 85-ամեայ Եոչեւէտ Լիֆշիցը եւ 79-ամեայ Նուրիթ Քուփերը Կազայի Ռաֆահ անցակէտին մէջ ՀԱՄԱՍ-ի սեւազգեստ դիմակաւորուած զինեալներու կողմէ յանձնուած են Կարմիր Խաչին, յայտնած է Daily Mail-ը:

Յատկանշական է, որ հեռանալու ժամանակ Եոչեւէտը ստեղմած է զինեալներէն մէկու ձեռքն ու ըսած՝ «շալոմ»: Այն հարցին, թէ ինչու ան սեղմած է ՀԱՄԱՍ-ի զինեալի ձեռքը, իսրայէլցի կինը պատասխանած է.«Որովհետեւ անոնք մեզի շատ լաւ կը վերաբերէին»:

Կնոջ դուստրը՝ Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացի Շերոն Լիֆշիցը, մօր անունով պատմած է. «Մայրիկս կ՚ըսէ, որ անոնք շատ լաւ եւ զգոյշ եղած են իրենց հետ եւ հոգացած են անոնց բոլոր կարիքները»։

Եոչեւէտի պատմելով՝ միայն կանանց պարագային չէ, որ ՀԱՄԱՍ-ի անդամները խնամքով վերաբերած են պատանդներուն:

«Տղամարդոցմէ մէկը ճանապարհին վթարի հետեւանքով ծանր վիրաւորուած էր, անոր օգնութիւն ցուցաբերած են բուժաշխատողները։ Անոր մաքուր վայրի մէջ կը պահէին, շատ կը մտահոգուէին անոր համար», - պատմած է կինը։

Ե՛ւ Եոչեւէտը, ե՛ւ Նուրիթը առեւանգուած են Քիպուց Նիր Օզ համայնքի իրենց տուներէն հոկտեմբեր 7-ի անակնկալ յարձակման ժամանակ, մինչդեռ անոնց ամուսինները կը մնան Կազայի մէջ որպէս պատանդ:

Աղջիկը պատմած է, որ իր մօրը Կազա տարած են ստորգետնեայ փապուղիներով:

«Գետնի տակ փապուղիներու հսկայական ցանց կայ, այն կարծես սարդոստայն ըլլար», -ըսած է ան։