Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենը Թիրանայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ողջունած եւ կարեւոր քայլ համարած են Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի ընդունումը։ Այս մասին յայտնած են կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Անթոնիու Քոշթան եւ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենն ընդգծած են վիզաներու ազատականացման գործընթացի երկուստեք արագացման կարեւորութիւնը:
Թիրանայի մէջ կայացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու խորացմանն ուղղուած օրակարգային հարցեր, ընդգծուած է երկկողմ համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը՝ յատկապէս ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսական համարկման, ենթակառուցուածքներու արդիականացման եւ բարեփոխումներու ոլորտներու մէջ:
Նիկոլ Փաշինեանը բարձր գնահատած է Եւրոպական միութեան հետեւողական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ընդգծած ՀՀ Կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու խորացնել փոխգործակցութիւնը ԵՄ-ի հետ՝ ապահովելով համագործակցութեան նոր եւ արդիւնաւէտ փուլ:
ԵՄ ներկայացուցիչները ողջունած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցումը՝ ընդգծելով ատոր կարեւորութիւնը տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման համար: Անոնք շեշտած են ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին եւ խթանելու տարածաշրջանի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատումը: