image

Աննման մայրս. Մակի Նշանեան-Սողիկեանի գրառումը

Աննման մայրս. Մակի Նշանեան-Սողիկեանի գրառումը

 Օրերս իր լրումին հասաւ հալէպահայ եւ ամմանահայ շրջանակներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած հայրենակցուհի Տիկն. Արշալոյս Նշանեանի մահուան առաջին տարելիցը։ 

Այդ առթիւ անոր դուստրը՝ Մակի Նշանեան-Սողիկեան գրառում մը կատարած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Մեծ է վիշտը որ այսքայն շուտ հեռացար մեզմէ, երկար տարիներ հայրենիքի մասին երազելով՝ նոր էիր տեղափոխուած Հայաստան, դեռ երկար պիտի վայելէինք եւ զգայինք քու թանկագին ներկայութեան ջերմութիւնը։

Ահա եւ անցաւ տխուր մէկ տարի քու կորուստին, մեծապէս գնահատուած ու արժեւորուած անձ մը ըլլալով հալէպահայ եւ յորդանանահայ գաղութներու կողմէ միշտ պիտի մնաս բոլորի սրտերու մէջ։

 Քու ազնիւ հոգին զոհողութիւնն ու բարութիւնը՝ ընտանիքիդ հարազատներուդ եւ ազգիդ հանդէպ դեռ երկար տարիներ պիտի յիշուին։

Ննջէ խաղաղութեամբ սիրելի մայրիկ։

Մեր յոյսի դուռն է մայրս,

Մեր տան մատուռն է մայրս,

Մեր օրորոցն է մայրս,

Մեր տան ամրոցն է մայրս,

Մեր հերն ու մերն է մայրս,

Մեր ճորտն ու տերն է մայրս,

Մեր տան անտունն է մայրս,

Մեր արծվաբույնն է մայրս,

Մեր տան ծառան է մայրս,

Մեր տան արքան է մայրս,

Մեր տան անճարն է մայրս,

Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,

Մեր տան աղբյուրն է մայրս,

Մեր ծարավ քույրն է մայրս,

Մեր տան անքունն է մայրս,

Մեր անուշ քունն է մայրս,

Մեր տան ճրագն է մայրս,

Մեր արեգակն է մայրս,

Մայրս, մեր հացն է մայրս,

Մեր տան Աստվածն է մայրս:

 

Հովհ. Շիրազ

 

 Նշենք,որ հանգուցեալի  մահուան առաջին տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան կարգ պիտի կատարուի  յառաջիկայ  կիրակի օր, Երեւանի Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։