image

Անի Իսպիրեանի նկատմամբ «Տնային կալանք»

Անի Իսպիրեանի նկատմամբ «Տնային կալանք»

Հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) դատարանը բաւարարած է քննիչի միջնորդութիւնը տնտեսութեան նախկին փոխնախարար Անի Իսպիրեանի նկատմամբ 2 ամիս ժամկէտով՝ տնային կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ։

Այդ մասին յայտնած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի խօսնակ Լիլիթ Շաբոյեանը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յունուար 30-ին որոշում ստորագրած էր, ըստ որու՝ Անի Իսպիրեանն ազատուած էր տնտեսութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնէն:

Աւելի ուշ յայտնի դարձած էր, որ առերեւոյթ «կոռուպցիոն» չարաշահումներուն առնչուող երկու քրէական վարոյթներով ձերբակալուած էին Անի Իսպիրեանը եւ եւս 6 անձ:

Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ փաստական տուեալներ ստացուած են, որ տնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձինք նախնական համաձայնութեամբ, խումբ մը անձանց դրդմամբ եւ օժանդակութեամբ, չարաշահած են իրենց ծառայողական լիազօրութիւնները: Մասնաւորապէս՝ «Հանրային ներդրումային ծրագրերու պանքի ստեղծման» ծառայութեան ձեռքբերման մրցոյթի ընթացքին մասնակից բաժնետիրական ընկերութիւններէն մէկու յաղթանակն ապահովելու համար, խախտելով «Գնումներու մասին» օրէնքի եւ Կառավարութեան որոշման պահանջները, մրցոյթի միւս մասնակցին համարած են պայմաններուն չհամապատասխանող եւ փաստացի հեռացուցած մրցոյթէն: