Անգարան կ՚ողջունէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացը եւ կ՚ակնկալէ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրում։ Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը Պաքուի ուժանիւթային շաբթուան բացման արարողութեան մասնակիցներուն ուղղուած ուղերձին մէջ։
Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Ատրպէյճանը ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը (COP 29) հիւրընկալելու կապակցութեամբ։
«Թուրքիան պատրաստ է որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերելու Ատրպէյճանին այդ միջոցառման կայացման հարցով»,-ըսուած է ուղերձին մէջ, որ ընթերցած է երկրի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը:
Էրտողանի ուղերձին մէջ նաեւ նշուած է, որ Անգարայի եւ Պաքուի համագործակցութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ օգուտ պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանին։ Ան ընդգծած է, որ երկու երկիրներու կապերն ամուր են բոլոր ոլորտներու մէջ: