image

Անձայն Բարերարներ. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Անձայն Բարերարներ. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Մեր կեանքին մէջ միշտ ալ եղած են ու կան անձայն բարերարներ, որոնք ո՛չ առաջին շարք նստիլ-չնստիլէն կը նեղուին, ո՛չ հետամուտ են, որ իրենց անունը յիշուի, կամ հոս ու հոն ցուցանակներու վրայ տեղադրուի, ո՛չ ալ դիմացինը պարտաւորութեան տակ կը դնեն, որպէսզի տարբեր առիթներով եւ ձեւերով իրենց անունը յիշատակուի:

 

Նախորդ շաբաթ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի ախտաճանաչման տարրալուծարանի կեդրոնը կը գտնուէի: Երիտասարդ մը մօտեցաւ եւ ինքզինք ներկայացուց: Այժմ հոն կ՛աշխատի: Ըսաւ, որ ինք ԱՖՀԻԼ-ի համալսարանական ֆոնտէն օգտուած է ուսանողական տարիներուն: Չէի ալ յիշեր, բայց այդ չէ գրելուս պատճառը:

Ուրեմն, այս երիտասարդը 9-րդ դասարանին կորսնցուցած է հայրը: Մօր հետ մնացած են առանձին: Օրին դպրոցը, կը շեշտեմ` հայկական վարժարան մը, ստանձնած է իր կրթաթոշակին ծախսերը: Մինչեւ աւարտական դասարան հասնիլը` քանի մը անգամ որոշած է ուսումը կիսատ ձգել, որպէսզի օգնէ մօրը` ապրուստ ապահովելու, սակայն ընտանիքին նեցուկ կանգնած են շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղն ու այլ բարեսիրական միութիւններ, որոնք օժանդակած են մինչեւ վերջ` կարելիութիւն տալով, որ երիտասարդը դպրոց յաճախէ:

Դպրոցը աւարտելով` հասած է համալսարանական կեանքին: Ուսուցչուհիներէն մէկը որոշած է այս երիտասարդին ուսման բոլոր ծախսերը հոգալ: Հայկազեան համալսարանն ալ բարեացակամ եղած է` գտնելու անհատ բարերար մը, որ օգնած է ուսուցչուհիին նախաձեռնութեան, որպէսզի երիտասարդը ուսումը շարունակէ եւ աւարտական փուլին հասնի:

Աւարտական հանդէսին օրը մօր ու հարազատներուն չափ ուսուցչուհին ալ ուրախ էր, որ իր նպատակին հասած էր: Համալսարանաւարտ էր հայ երիտասարդ մը: Երիտասարդ մը, որ հաւաքական ճիգով փողոց չմնաց: Երիտասարդ մը, որ հայկական վարժարանին մէջ արժանացաւ ամբողջական հոգատարութեան եւ ուշադրութեան: Երիտասարդ մը, որուն շրջապատեցին թաղին ակումբը, ԼՕԽ-ը, բարեկամներ, որպէսզի անուս չմնայ եւ լաւ տեղ հասնի:

Հիմա այդ երիտասարդն է, որ ամերիկեան համալսարանի ախտաճանաչման տարրալուծարանի բաժանմունքին մէջ կ՛աշխատի, եւ ուրախ էի, որ երախտապարտ է ու ինքնավստահ:

Բնականաբար անանուն, անձայն բազմաթիւ բարերարներ կան մեր շրջապատին մէջ:

Բոլորին ալ վա՛րձքը կատար, բոլորին` առողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Կը մնայ, որ երախտապարտ ըլլանք եւ մնանք մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն, պատասխանատուներուն շուրջ, որովհետեւ ամէն բան ժխտական եւ յուսահատական տեսնելը ընդհանուր մեր գաղութային ուժականութեան կ՛ազդէ, մեր դերը կը նուազեցնէ եւ մեր առաքելութեան հանդէպ կասկած կ՛արթնցնէ:

Այս երիտասարդը հասաւ իր նպատակին, այսօր կան հարիւրաւոր երիտասարդներ, որոնք ուսումնատենչ են եւ իրենց ուղղութիւն տուող, քաջալերող, թիկունք կանգնողներ կը փնտռեն:

Անձայն բարերարներուն դերը շատ կարեւոր է եւ հրամայական:

Մեր կեանքին մէջ միշտ ալ եղած են ու կան անձայն բարերարներ, որոնք ո՛չ առաջին շարք նստիլ-չնստիլէն կը նեղուին, ո՛չ հետամուտ են, որ իրենց անունը յիշուի, կամ հոս ու հոն ցուցանակներու վրայ տեղադրուի, ո՛չ ալ դիմացինը պարտաւորութեան տակ կը դնեն, որպէսզի տարբեր առիթներով եւ ձեւերով իրենց անունը յիշատակուի:

Այո՛, կան անձայն բարերարներ բոլոր մակարդակներու վրայ` ծերերու խնամքի, հիւանդանոցային ծախսերու, ուսումի, գիրքերու հրատարակութեան թէ ընտանիքներու սնունդի կամ դեղորայքի ապահովման:

Եթէ անոնք չեն յայտարարեր իրենց անունը, չեն պահանջեր, որ իրենց անունը յիշուի անպայման, չի նշանակեր, որ մեծ աշխատանք եւ ներդրում չեն կտարեր:

Վա՛րձքը կատար բոլորին

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»