image

Կար ժամանակ մը… .Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Կար ժամանակ մը… .Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Կար ժամանակ մը, երբ մարտունակ բանակը, ապահովական մարմինները, մարտական խումբերը, քաջ զինուորները եւ մանաւանդ ինքնանուիրումը մեծ հրամայական էին:

Այսօր Լիբանանի մէջ ծայր առած պատերազմն ու նախորդողները եկան ապացուցելու, որ դիմադրութեան մարտունակ բանակը, պատերազմի կամք ունեցող կազմակերպութիւնը, անձնազոհութիւնը, անանձնական նուիրումի պատրաստ մեծ ուժը, մարտունակութեան ոգին եւ կամքը, քաջութիւնն ու անձնազոհութեան տրամադրուածութիւնը, ամբողջական նուիրումը առանձինն բաւարար չեն: Յստակ է ու բացայայտ, որ այսօր արհեստագիտութիւնը փոխած է պատերազմներու ոճն ու կանոնները:

Անշուշտ կարելի չէ հերքել, որ անցեալին այս կարգախօսները, սկզբունքները, աշխատանքներն ու անձնազոհութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունեցած են սերունդներու պատրաստութեան եւ ազգային արժանապատուութեան մէջ:

Սակայն այսօր արհեստագիտութիւնն է իշխողը: Ամէն աշխատանք` սկիզբէն մինչեւ աւարտը, արհեստական բանականութեամբ եւ արհեստագիտութեամբ կը բանի:

Ժողովուրդներու կամքը, տոկունութիւնը, դիմադրութիւնը նուիրումը, բոլորը միասին` մէկ կողմ, արհեստագիտութիւնը կու գայ շրջանցելու այս բոլորը:

Սարսափ սփռելու, հալածանքի ու վախի մղձաւանջ ստեղծելու, քարուքանդ ընելու նոր ոճը թրքական, ազերիական եւ իսրայէլեան ոճ է: Ժողովուրդները պէտք է պատասխան ունենան այս շարունակուող ոճին:

Դժբախտաբար աշխարհը միաբեւեռ ղեկավարութեամբ կը գործէ: Կա՛մ ինծի հետ ես, կա՛մ դէմ քաղաքականութիւնը որդեգրուած է ամբարտաւան, միահեծան եւ անհակակշիռ ղեկավարի մը կողմէ, որ ամէն օր նոր օրակարգերով աշխարհը կը զբաղեցնէ:

Միջազգային կազմակերպութիւններ փուլ եկած են: ՄԱԿ-ը կարծէք գոյութիւն չունի: Նոր մարմիններ, նոր կառոյցներ եւ նոր ուժեր համախմբելով` աշխարհի վրայ գոյացած է միահեծան ղեկավարութեամբ ամբողջատիրական ուժ մը, որ վստահաբար լաւ աւարտ պիտի չունենայ: Շահերու, ուժի եւ պարտադրանքներու տակ համաձայնագիրները` անոնք ըլլան խաղաղութեան թէ պատերազմի, երկար կեանք չեն ունենար:

Իսկ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ աշխարհը կարծէք տէր չունի, չկայ հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը, որ նման մագլցումներն ու ոտնձգութիւնները զսպէ:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»