image

Անցնող Սեպտեմբերին Ալիեւին հանդիպեցայ համոզելու՝ հրաժարիլ բռնութիւնէն. Ֆիլիփ Ռիքեր

Անցնող Սեպտեմբերին Ալիեւին հանդիպեցայ համոզելու՝ հրաժարիլ բռնութիւնէն. Ֆիլիփ Ռիքեր

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարի՝ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիկըր, ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին քննարկման ընթացքին, անդրադարձած է սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ իրականացուած յարձակման, անկէ ետք երկու երկիրներու միջեւ ընթացող բանակցութիւններու հեռանկարներուն:

«Ես տարածաշրջան այցելած էի սեպտեմբեր 13-14-ին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու ժամանակ եւ հանդիպեցայ նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի կոչ ընեմ դադրեցնելու բռնութիւնը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ իմ հանդիպումները զուգորդուած են երկու երկիրներու ղեկավարութիւններու հետ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի, Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանի, Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տոնֆրիտի, Արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Էրիքա Օլսոնի, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան մեր գործընկերներու հետ հրատապ եւ շուրջօրեայ շփումներով:

Այդ ժամանակէն ի վեր շփումները կը շարունակուին, ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի եւ գործընկեր երկիրներու համատեղ ջանքերը ճանապարհ հարթած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ՝ խաղաղութեան հարցի քննարկման նպատակով շարք մը հանդիպումներու համար: Հակառակ վերջին ռազմական գործողութիւններուն, մենք ոգեւորուած ենք խաղաղութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ներգրաւուածութեան ընթացքով»,-ըսած է Ռիքըր՝ յիշեցնելով 6 հոկտեմբերին Փրակի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը:

Ըստ ամերիկացի դիւանագէտի՝ Փրակի հանդիպումը տուեած է երկու իմաստալից արդիւնք, որ ունի խաղաղութեան ճանապարհ հարթելու ներուժ. 1991-ին Ալմաթիի հռչակագրի՝ որպէս սահմանային հարցերու քննարկումներու հիմք փոխադարձ ճանաչումը եւ ԵՄ «Մշտադիտարկման կարողութիւններու» ընդունումը՝ կողմերու միջեւ վստահութեան կառուցման եւ հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու թուլացման ներուժով: