image

Անցնող մարտ ամսուան ընթացքին Հայաստան այցելած է 129 887 զբօսաշրջիկ

Անցնող մարտ ամսուան ընթացքին  Հայաստան այցելած է 129 887 զբօսաշրջիկ

ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն հրապարակած է 2025 թուականի մարտ ամսուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ: Այդ մասին յայտնած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն:

2025 թուականի մարտին Հայաստան այցելած է 129,887 զբօսաշրջիկ. նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին մեր երկիր այցելած է 152,865-ի մարդ։

Դիտարկուող ժամանակահատուածին դէպի Հայաստան առաւել շատ զբօսաշրջային այցելութիւններ գրանցուած են Ռուսիայէն (37%), Վրաստանէն (15%) եւ Իրանէն (9%):