image

Անցեալ սեպտեմբերին Իրանը կանխեց Ատրպէյճանի աւելի մեծ գրոհը. Վահան Կոստանեան

Անցեալ սեպտեմբերին Իրանը կանխեց Ատրպէյճանի աւելի մեծ գրոհը. Վահան Կոստանեան

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան ըսած է, որ Իրանի գործողութիւններու եւ յայտարարութիւններու շնորհիւ 2022թ. սեպտեմբերին կարելի եղած է խուսափիլ Ատրպէյճանի յարձակման հետագայ ծաւալումէն:

«Մենք հետախուզական տուեալներ ունէինք, որ Ադրբեջանն աւելի մեծ գրոհներ էր պատրաստում, երբ յարձակուեց Հայաստանի վրայ նախորդ տարուայ սեպտեմբերին: Իրանի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները օգնեցին կանգնեցնել իրավիճակի հետագայ վատթարացումը», - ըսա է Վահան Կոստանեանը Al-Monitor պարբերականի հետ զրոյցին:

Արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, որ իրանեան զինամթերքի գնման հարց Հայաստանի օրակարգին մէջ չկայ:

Խօսելով Ատրպէյճանի նպատակներու մասին, արտաքին գործոց փոխնախարարը առանձնացուցած է երեքը.

«Լեռնային Ղարաբաղում էթնիկ զտում իրականացնել, տարածաշրջանում լայնածաւալ ռազմական լարուածութիւն հրահրել եւ ստիպել Հայաստանին արտատարածքային միջանցք տրամադրել»:

«Իրանը կարեւոր գործընկեր է Հայաստանի համար. Իրանի հետ սահմանը մեզ համար առաջնային նշանակութիւն ունի։ Մենք երկու փակ սահման ունենք Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի հետ, ուստի Իրանն ու Վրաստանը մեր միակ դարպասներն են դէպի արտաքին աշխարհ», - ըսած է Կոստանեան։

Գործակալութիւնը իր հերթին նշած է, որ Իսրայէլ կ'օգտագործէ Ատրպէյճանը Իրանի դէմ։ Սակայն Իրանը, ձգտելով իր կողմը գրաւել Պաքուն, 2020 թուականի պատերազմի սկիզբը աջակցած է Ատրպէյճանին՝ առանց հաշուարկելու, թէ Ռուսիան անոր որքան հեռու թոյլ կու տայ երթալ։

Պաքուն, իր հերթին, օգտուելով Ուքրանիոյ մէջ ռուսաստանեան զբաղուածութենէն եւ Իրանի մէջ ներքին անկարգութիւններէն, աւելի մեծ վարձատրութիւն կ'ուզէր, այն է՝ ճանապարհային եւ երկաթուղային միջանցքներ Սիւնիքի մարզով: Միջանցքը պիտի կտրէ Իրանը Հայաստանէն՝ անոր միակ քրիստոնեայ հարեւանէն եւ  կարեւոր դարպասէն դէպի արեւմտեան շուկաներ: