image

Անանուն աղբիւրը պէտք է հետաքրքրէ իրաւապահներուն, որովհետեւ այն սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան. Գեղամ Մանուկեան

Անանուն աղբիւրը պէտք է հետաքրքրէ իրաւապահներուն, որովհետեւ այն սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան. Գեղամ Մանուկեան

Իշխանութիւնը աշխատանքային պոյքոթի կ'ենթարկէ Ազգային ժողովը։ Այս մասին ԱԺ-ի մէջ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։

«ԱԺ քառօրեան տեւել է մօտ 3․5 ժամ, Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի զեկոյցը տեւել է ընդամէնը 2 րոպէ, որեւէ հարց, որեւէ ելոյթ չկար այդ զեկոյցի հետ կապուած։ Եթէ ընդդիմութիւնը յայտարարել է քաղաքական պոյքոթի մասին եւ չի մասնակցում ԱԺ լիագումար նիստերին ու յանձնաժողովների նիստերին, եւ մնացեալ բոլոր գործիքակազմերով իրավիճակի շուրջ անհանգստութիւն էր արտայայտել, ապա իշխող խմբակցութիւնը աշխատանքային պոյքոթի է ենթարկում խորհդարանը։ Քաղաքական մեծամասնութիւնը անգործութեան է մատնուած Ազգային ժողովում։ Երբ ընդդիմութիւնը քաղաքական պոյկոտ է յայտարարել, իշխող խմբակցութիւնը գոնէ ձեւի համար քննարկում չի ծաւալում, սա սնանկութիւն է, ճգնաժամ է խորհրդարանում»,–ըսած է պատգամաւորը։

Խօսելով Վեհափառի, Հայաստանի ու Արցախի պաշտօնաթող նախագահներու հնարաւոր հանդիպման մասին, Մանուկեանն ըսած է, որ ենթադրաբար այդ ձեւաչափը պիտի շարունակուի, թէկուզ առանց Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի։

«Իր յայտարարութիւնից յստակ չէր՝ եթէ հանդիպում լինի, ինքը կը մասնակցի՞, թէ՝ ոչ»,– ըսած է Գեղամ Մանուկեան։

Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող լրատուամիջոցին մէջ հաւաստի աղբիւրի կողմէ ներկայացուած Ատրպէյճանի պահանջներուն, Գեղամ Մանուկեանն ըսած է, թէ կասկածներ ունի՝ ով է «Հայկական ժամանակ»ի մէջ տպագրուած երկու յօդուածներու հեղինակը, սակայն, անով պէտք է զբաղուին իրաւապահները։

«Այդ անանուն աղբիւրը պէտք է առաջին հերթին հետաքրքրի իրաւապահներին, որովհետեւ սպառնալիք է մեր ազգային անվտանգութեանը, Հայաստանում տարածւում է ատրպէյճանական տեղեկութիւններ, թեզեր, հանրութեանը մղում են վախի, անորոշութեան զգացում են առաջացնում, հետեւաբար իրաւապահները պէտք է բացայայտեն, թէ ով է անանուն աղբիւրը, որովհետեւ դա թշնամական դիվերսիա (խափանարարութիւն) Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ»,–աւելցուցած է Մանուկեան: