image

«Անամօթ սուտ».Երեւան կը հերքէ յոյն ընդդիմադիր գործիչի մը գաղտնալսման մասնկացելու մեղադրանքը

«Անամօթ սուտ».Երեւան կը հերքէ յոյն ընդդիմադիր գործիչի մը գաղտնալսման մասնկացելու մեղադրանքը

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կտրականապէս կը հերքէ յունական մամուլի մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, երկրի առաջատար ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն մէկու՝ սոցիալիստներու (ընկերվարականներու) առաջնորդ Նիքոս Անտրուլաքիսի հեռախօսին մէջ լրտեսական ծրագրեր տեղադրուած են նաեւ հայկական յատուկ ծառայութիւններու խնդրանքով։

Աթենքի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան շրջանառուող տեղեկութիւնները նախօրէին «անամօթ սուտ» անուանած է՝ պնդելով, որ «Հայաստանը երբեք որեւէ կառավարութեան չէ խնդրած գաղտնալսել որեւէ մէկու հեռախօսը»։

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի աւելի քան երեք տարուայ կառավարման ընթացքին ծագած ամենաաղմկալի ներքաղաքական գայթակղութեան մասին յայտնի դարձաւ նախորդ շաբաթավերջին,  երբ Յունաստանի սոցիալիստական կուսակցութեան՝ PASOK-ի առաջնորդ Նիքոս Անտրուլաքիսը յայտարարեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի համակարգչային (Cyber) անվտանգութեան ծառայութիւնն իրեն տեղեկացուցած է, որ իր հեռախօսին մէջ Predator կոչուող լրտեսական ծրագիր տեղադրուած եղած է։

Ասկէ քանի մը օր առաջ յունական յատուկ ծառայութեան ղեկավարը, խորհրդարանական փակ լսումներու ժամանակ խոստովանած էր, թէ լրտեսական ծրագրերը «երրորդ երկրի խնդրանքով տեղադրուած են նաեւ CNN-ի յունական ծառայութեան աշխատակիցներէն մէկու հեռախօսին մէջ»։

Յունական որոշ լրատուամիջոցներ պնդած են, որ ընդդիմադիրներու հեռախօսները իբր գաղտնալսուած են հայկական եւ ուքրանական յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցած խնդրանքի հիման վրայ։

«Ես երբեք չէի պատկերացներ, որ յունական կառավարութիւնն իմ դէմ լրտեսական գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Մեր դեմոկրատական պարտքն է՝ պաշտպանել Յունաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները։ Այսօր ճշմարտութեան պահ է այն մարդոց համար, որոնք իրենց մեծամտութենէն ու անպատժելիութեան զգացումէն դրդուած, ամէն ինչի ընդունակ են», - յայտարարած էր յունական ընդդիմութեան առաջնորդը։

Անտրուլաքիսի յայտարարութենէն քանի մը ժամ անց երկրի կառավարութիւնը հաստատած է, որ սոցիալիստներու առաջնորդի հեռախօսին մէջ լրտեսական ծրագրերը իրօք տեղադրուած են երկրի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ՝ չանդրադառնալով սակայն գայթակղութեան հայկական կամ ուքրանական հետքերուն։

Բրիտանական The Guardian-ի տեղեկութիւններով՝ Նիքոս Անտրուլաքիսի հեռախօսին մէջ լրտեսական ծրագրերը գործած են առնուազն երեք ամիս՝ նախորդ տարի կայացած ներկուսակցական ընտրութիւններու ընթացքին։