image

Անահիտ աստուածուհիի արձանը բերուեցաւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահ

Անահիտ աստուածուհիի արձանը բերուեցաւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահ

Անահիտ աստուածուհիի պրոնզեայ գլուխն ու ձեռքը 6 ամիս պիտի ցուցադրուին Հայաստանի մէջ։

Անահիտ աստվածուհիի` մ.թ.ա. II-I դարերուն թուագրուող արձանէն պահպանուած եւ Բրիտանական թանգարանին մէջ պահուող պրոնզեայ գլուխն ու ձեռքն արդէն Հայաստան են եւ տեղափոխուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահ։

Նշենք, որ Անահիտ աստուածուհիի պրոնզեայ գլուխն ու ձեռքը սեպտեմբեր 21-էն պիտի ցուցադրուին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ։ Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ 6 ամիս։

ՀՀ կառավարութիւնը ԿԳՄՍՆ–ին 15 մլն 693 հազար դրամ յատկացուցած է արձանէն պահպանուած գլուխի եւ ձեռքի ցուցադրութեան հանրահռչակման համար։