image

ԱՄՆ ժամանակաւորապէս ռազմամթերք պիտի տեղափոխէ Գերմանիայէն Հայաստան

ԱՄՆ ժամանակաւորապէս ռազմամթերք պիտի տեղափոխէ Գերմանիայէն Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերը կը նախատեսէ Գերմանիոյ մէջ գտնուող իր ռազմակայաններէն հարիւրներով ռազմական սարքեր եւ փոխադրային միջոցներ տեղափոխել Հայաստանի զօրավարժարաններ։ Այս մասին յայտնած է RT-ն, որն ուսումնասիրած է ԱՄՆ պետական գնումներու կայքը։

Կայքի տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներու բանակի նիւթատեխնիկական ապահովման հրամանատարութիւնը կը նախատեսէ սարքաւորումներ տեղափոխել Գերմանիոյ «Տիւլմեն» ռազմակայանէն Հայաստանի «Զառ» ուսումնական կեդրոն։

Նշուած է, որ տեղափոխումը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 16-էն օգոստոս 7-ը։ Ռազմական սարքերը Գերմանիա պիտի վերադարձուի 2025 թուականի օգոստոս 21-էն սեպտեմբեր 20-ն ինկած ժամանակահատուածին։

Պայմանագրով նախատեսուած է նաեւ սարքերու տեղափոխում Հայաստանի Արմաւիրի զօրավարժարանէն վրացական Փոթի նաւահանգիստ։

Ընդհանուր առմամբ, նախատեսուած է տեղափոխել 151 միաւոր ռազմական սարք, որոնց շարքին՝ փոխադրային միջոցներ, ելեկտրածին գործիքներ եւ յատուկ բեռնարկղեր։