Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցի շրջաիրէն ներս ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետ, զօրավար-լեյտենանտ Էդուարդ Ասրեանը հոկտեմբեր 16-ին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու շտաբներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ, զօրավար Չարլզ Պրաունի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։ Երկուստեք նշուած է, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտի մէջ կը զարգանայ։
Ամերիկեան կողմը նշած է, որ պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը ՀՀ Զինուած ուժերու կերպափոխման եւ բարեփոխումներու ընթացքին։
Քննարկուած եւ կարեւորուած է համատեղ կայացող միջոցառումներու շարունակականութիւնը, անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող շարք մը հարցերու։