Միացեալ Նահանգները հասած է իր նպատակին Իրանի հետ հակամարտութեան հարցով եւ կը նախատեսէ երկու կամ երեք շաբթուան ընթացքին դադրեցնել ռազմական արշաւը Իրանի դէմ։ Այս մասին, չորեքշաբթի օր, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին՝ մեկնաբանելով Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան ընթացքը:
«Կը կարծեմ՝ մենք կը հեռանանք երկու-երեք շաբթուան ընթացքին, քանի որ չկայ որեւէ պատճառ, որ մենք շարունակենք մնալ»,- ըսած է ան։
Ըստ ԱՄՆ նախագահի՝ Իրանը դեռ կրնայ համաձայնութեան գալ Ուաշինկթընի հետ այդ ժամկէտին մէջ։
Թրամփ յայտարարած է, որ ինքը ունէր մէկ նպատակ՝ թոյլ չտալ Իրանին միջուկային զէնք ստանալ, եւ այդ նպատակն իրագործուած է:
«Անոնք առաջնորդներ չունին, անոնց բոլոր առաջնորդները զոհուած են, հետեւաբար տեղի ունեցած է վարչակարգի փոփոխութիւն, թէեւ ես նպատակ չէի դրած վարչակարգի փոփոխութիւնը։ Մենք այժմ ունինք լաւ նոր առաջնորդներ։ Ես ունէի մէկ նպատակ՝ թոյլ չտալ անոնց միջուկային զէնք ստանալ, եւ այդ նպատակն իրագործուած է, անոնք միջուկային զէնք պիտի չունենան»,- աւելցուցած է Թրամփը։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ միւս երկիրները պէտք է իրենք որոշեն Հորմուզի նեղուցի մէջ նաւագնացութեան ապագան։
«Մենք չենք պատրաստուիր ատոր հետ որեւէ առնչութիւն ունենալ: Մենք այդ ընելու որեւէ պատճառ չունինք»,- նշած է ԱՄՆ նախագահը։