image

ԱՄՆ, Քաթար եւ Եգիպտոս Իսրայէլին եւ «Համաս»-ին կոչ ըրած են վերսկսելու Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները

ԱՄՆ, Քաթար եւ Եգիպտոս Իսրայէլին եւ «Համաս»-ին կոչ ըրած են վերսկսելու Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները

Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի իշխանութիւնները Իսրայէլին եւ «Համաս»-ին կոչ ըրած են վերսկսելու բանակցութիւնները Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի եւ շարժման գերեվարած պատանդներու ազատ արձակման շուրջ։

Կողմերու համատեղ յայտարարութեան համաձայն՝ բանակցութիւնները կրնան կայացուիլ օգոստոս 15-ին՝ Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ՝ լուծելու բոլոր բաց հարցերը եւ կեանքի կոչելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդները պատրաստակամութիւն յայտնած են ներկայացնելու հրադադարի համաձայնագրի վերջնական նախագիծը, որ հիմնուած է Ճօ Պայտընի առաջարկած եւ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի աջակցութիւնը ստացած սկզբունքներու վրայ։

«Ետքայլի համար արդարացումներու ժամանակը չէ: Սա կը վերաբերի երկու կողմին ալ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ: 

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակէն յայտնած են, որ Իսրայէլը օգոստոս 15-ին պատուիրակութիւն պիտի ուղարկէ՝ Կազայի հատուածի հարցով բանակցութիւններու համար: Իսրայէլեան կողմը նշած է, որ հանդիպման վայրը դեռ պէտք է համաձայնեցուի: