Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հանդէս եկած է «Հայաստանի եւ Ադրտրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադարեցման կոչով»:
«Միացեալ Նահանգները խորապէս անհանգստացած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով յարձակումներու, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ բնակավայրերու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ հարուածներու մասին հաղորդումներով։
Մենք վաղուց յստակ յայտարարած ենք, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ: Կոչ կ'ընենք անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները», -ըսուած է Պլինքընի յայտարարութեան մէջ: