ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ներքին կարգապահութեան կանոններու հարցերով կոմիտէն ճանապարհ հարթած է Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ANCA-ի կողմէ աջակցուող փոփոխութեան ամբողջական վերանայման համար՝ ներկայացուցիչներ Թոնի Գարտենասի (D-CA), Ատամ Շիֆի (D-CA) եւ Պրետ Շերմանի (D-CA) գլխաւորությամբ, որոնք Ատրպէյճանին կոչ կ'ընեն անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները:
Փոփոխութիւնը կը պահանջէ հետաքննութիւն կատարել անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններու օգտագործման վերաբերեալ, որոնք 2020-ին օգտագործուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ յարձակումներու ընթացքին խաղաղ բնակիչները թիրախաւորելու համար:
Յանձնաժողովը նաեւ կողմ քուէարկած է, որպէսզի Ներկայացուցիչներու պալատին թոյլ տրուի լիարժէք քուէարկել Արցախ/Հայաստանի օգտին փոփոխութիւններու հարցով՝ ներկայացուցիչներ Ֆրանք Փալոնէի, Տէյվիտ Վալատաոյի, Տինա Թիթուսի եւ Ճիմ Մաքկովըրնի գլխաւորութեամբ:
Փոփոխութիւններու վերաբերեալ քուէարկութիւնը տեղի կ'ունենայ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ «2022 ֆինանսական տարուան մէջ ազգային պաշտպանական լիազօրութիւններու մասին օրէնքի» (H.R.4350) քննարկման ժամանակ
Գարտենաս-Շիֆ-Շերմանի փոփոխութեան մէջ կը նշուի, որ Գոնկրեսը կը կարծէ, որ «Ատրպէյճանը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնէ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերեվարուած խաղաղ բնակիչները»: «Չափազանց կարեւոր է, որ մենք փաստերու մասին ամբողջական զեկոյց ստանանք, քանի որ կը ձգտինք պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցած տարի կատարած գործողութիւններուն համար», ըսած է Գարտենաս: