image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոխորհրդարանին մէջ. Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան պահանջած է Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներուն ազատ արձակումը

 Եւրոխորհրդարանին մէջ. Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան պահանջած է Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներուն ազատ արձակումը

 Օրերս խորհրդարանական առաքելութեամբ Սթրազպուրկ գտնուած Վարդգէս Մահտեսեան ի շարս այլ խնդիրներու բարձրացուցած է Պաքուի մէջ բանտարկուած եւ ապօրինի կերպով դատուող հայ գործիչներու հարցը պահանջելով արագօրէն ազատ արձակել զանոնք։Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս հայ համայնքի ներկայացուցիչը, նաեւ արտայայտուած է Կիպրոսի բռնագրաւուած կողմին մէջ հայոց Մակարայ վանքին անմխիթար վիճակին մասին եւրոպական կառոյցներէն խնդրելով աջակցութիւն ապահովելու համար Մակարայ վանքին կանգուն մնալը։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մահտեսեանի դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ եղած հրապարակումն ամբողջութեամբ։ 

 

Եւրոպական Ժողովրդային Կուսակցութեան մէջ Կիպրոսի պատուիրակութեան առաջնորդ եւ Եւրոխորհդարանի անդամ Լուքաս Ֆուրլասի հրաւէրով, Կիպրոսի Ներկայացուցչական Տան Կրօնական երեք փոքրամասնութիւններու՝ Մարոնիթ, Հայ եւ Լատին ներկայացուցիչները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Եւրոխորհդարան։

Այս առիթով կարեւոր հանդիպումներ կայացան Եւրոպական պաշտօնատարներու եւ խորհրդարանականներու հետ, արծարծելով կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանման եւ կրօնական ազատութեան ապահովութեան հարցերը։ Երեք ներկայացուցիչները տեսակցեցան նաեւ Միջ-մշակութային եւ Կրօնական Երկխօսութեան Յանձնախումբի փոխ նախագահ Պրն․ Վանկելիս Մէյմարակիսի, Թուրքիա Տեղեկագրի զեկուցաբեր Տիկ. Իզապէլ Վայզլըր-Լիմայի, Հայաստան Տեղեկագրի զեկուցաբեր Պրն․ Անտրէ Քովաչէւի, ինչպէս նաեւ Կիպրացի Յանձնակատար Պրն․ Կոստաս Քատիսի հետ։ Գաղափարներ փոխանակուեցան թէ ինչ միջոցներով կարելի է զարգացնել Եւրոմիութեան եւ Կրօնական Փոքրամասնութիւններու երկխօսութիւնը եւ նոյն ատեն զանոնք յուզող հարցեր ներառել եւ կարեւորել Եւրոպական օրակարգի վրայ։

Հանդիպումներու ընթացքին, Կիպրահայ Համայնքի Ներկայացուցիչ Պրն․ Վարդգէս Մահտեսեան շեշտեց Կիպրոսի գրաւեալ շրջանին մէջ գտնուող եւ ամբողջական փլուզումի վտանգին ենթակայ՝ հայոց պատմական Մակարայ Վանքին վերականգման ի նպաստ նիւթական օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան պահանջեց նաեւ Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքին մէջ Սեպտեմբեր 2023-էն ի վեր ապօրինի կերպով բանտարկուած հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակումը: