image

ԱՄՆ ներկայացուցիչները Գլխաւոր շտաբի պետի հետ քննարկած են ՀՀ Զինուած ուժերուն օգնելու հարցեր

ԱՄՆ ներկայացուցիչները Գլխաւոր շտաբի պետի հետ քննարկած են ՀՀ Զինուած ուժերուն օգնելու հարցեր

Պաշտպանութեան բաժանմունքի Անվտանգային կառավարման հիմնարկի եւ Միացեալ Նահանգներու այլ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է պաշտպանութեան կերպափոխման հարցերով աշխատաժողով։

ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն յայտնած են, որ աշխատաժողովի ընթացքին Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի շահագրգիռ կողմերու հետ քննարկուած են ՀՀ զինուած ուժերուն օգնելու եւ գործընկերներու հետ փոխգործակցելիութեան մեծացման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հարցեր։