Պաշտպանութեան բաժանմունքի Անվտանգային կառավարման հիմնարկի եւ Միացեալ Նահանգներու այլ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է պաշտպանութեան կերպափոխման հարցերով աշխատաժողով։
ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն յայտնած են, որ աշխատաժողովի ընթացքին Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի շահագրգիռ կողմերու հետ քննարկուած են ՀՀ զինուած ուժերուն օգնելու եւ գործընկերներու հետ փոխգործակցելիութեան մեծացման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմակայելու հարցեր։