ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը 15-րդ փորձէն ետք Հանրապետական Քեւըն Մաքքարթին ընտրած է նոր խօսնակ։
Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն` հետեւելով քուէարկութեան արդիւնքներուն:
Այս պաշտօնը կը համարուի ԱՄՆ-ի մէջ ամենակարեւորներէն երրորդը: Այն թափուր ըլլալու պարագային պալատի աշխատանքը կաթուածահար կ'ըլլայ, քանի որ օրէնսդիրները չեն կրնար երդուիլ եւ անցնիլ օրինաստեղծ գործընթացին:
Վերջին անգամ 100 տարի առաջ` 1923–ին նման բան եղած է, որ քոնկրէսականները չկարողանան առաջին անգամէն խօսնակ ընտրել, իսկ մինչ այդ՝ միայն քաղաքացիական պատերազմին նախորդող ժամանակահատուածին։