image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ նախագահն ընդունած է Սուրիոյ նախագահը

ԱՄՆ նախագահն ընդունած է Սուրիոյ նախագահը

ԱՄՆ նախագահն ընդունած է Սուրիոյ նախագահը, որուն որպէս ահաբեկիչ բռնելու համար Ուաշինկթընը վերջերս 10 միլիոն տոլարի պարգեւավճար կ՚առաջարկէր։ Ահմետ Շարըհի այցը պատմական կ՚որակուի: Վերջին անգամ Սպիտակ տան մէջ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ ընդունած են 1999 թուականին, երբ ԱԳ նախարար Ֆարուք Շարըհ Ուաշինկթընի մէջ կը մասնակցէր Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն։

Հանդիպումէն ետք Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Շարըհ զօրաւոր առաջնորդ է, որու հետ ինքը լեզու գտած է։

«Պիտի ընենք հնարաւորը, որ Սուրիան բարգաւաճի: Այժմ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երկար տարիներու ընթացքին առաջին անգամ խաղաղութիւն կը տիրէ»,- ընդգծած է ԱՄՆ նախագահը: Ան աւելցուցած է, որ Անգարան եւս կ՚աջակցի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Ամերիկեան կողմը նաեւ յայտնած է Դամասկոսի նկատմամբ պատժամիջոցները մեղմելու մասին: ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութեան տուեալով՝ պիտի չեղարկուին Արաբական Հանրապետութեան դէմ աւելի վաղ գործող սահմանափակումները, բացառութիւն պիտի կազմեն Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ գործարքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ պատժամիջոցները։ Պիտի վերանայուին քաղաքացիական ապրանքներու առեւտուրի հետ կապուած գործընթացները: Աւելին՝ ըստ NBC-ի, ԱՄՆ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը պիտի վերաբացուի, Դամասկոսը պիտի միանայ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարող դաշինքին:

Շարըհ իր հերթին գոհունակութիւն յայտնած է, որ Սուրիան եւ Միացեալ Նահանգներն այժմ աշխարհաքաղաքական դաշնակիցներ են, եւ ամերիկեան կողմը կրնայ ներդրումներ կատարել երկրին մէջ՝ յատկապէս կազի արդիւնահանման ոլորտին մէջ:

Շարըհի պաշտօնական այցին ընդառաջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը եւ Լոնտոնը նոյնպէս յայտարարած  էին Սուրիոյ նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը ամերիկեան պատժամիջոցներու ցանկէն հանելու մասին: