Հայ ժողովուրդին ուղղուած իր տօնական ուղերձին մէջ, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին յետադարձ հայեացք կը նետէ Հայաստանի մէջ պաշտօնավարման իր ժամանակաշրջանին եւ կը վերահաստատէ ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու գործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ յանուն աւելի լաւ ապագայի։
Դեսպանը գովեստով կը խօսի Հայաստանի հարուստ մշակութային աւանդոյթներու, բազմամեայ պատմութեան, գեղեցիկ բնաշխարհի եւ յայտնի հիւրընկալութեան մասին, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այս երկրի ամենամեծ արժէքը հայ մարդն է՝ իր ձիրքով, անսպառ ուժանիւթով, տոկունութեամբ եւ ստեղծարարարութեամբ։
«Դեսպան Թրէյսին եւ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան անձնակազմը բոլորիդ կը մաղթեն խաղաղութիւն, առողջութիւն ու բարեկեցութիւն գալիք տարի», նշուած է դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: