ԱՄՆ կրկին կոչ ըրած է Թուրքիոյ յարգելու մամլոյ ազատութիւնը այն բանէն ետք, երբ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները վերահսկող մարմինը նախազգուշացուցած է երեք միջազգային լրատուամիջոցներ, որ կ'արգելափակէ բովանդակութիւնը, եթէ անոնք չստանան հրապարակման համար ազգային արտօնութիւն։
«Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան հետ կապուած մեր մտահոգութիւնները հիմնուած են մանրամասն ապացոյցներու վրայ: Մենք կը շարունակենք կոչ ընել Թուրքիոյ յարգելու եւ պաշտպանելու մամլոյ ազատութիւնը»,- «Ամերիկայի ձայն»-ին ըսած է ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչը։
Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդը (RTÜK) նախազգուշացուցած է միջազգային լրատուամիջոցները, որ անոնք պէտք է արտօնագիր ստանան, այլապէս կը յայտնուին արգելափակման վտանգի տակ, ըսած է RTÜK-ի անդամ Իլհան Թաշչի։
Միջազգային լրատուամիջոցները, անոնց կարգին՝ «Ամերիկայի Ձայն»-ի, Deutsche Welle-ի եւ Euronews-ի թրքալեզու կայքերը 72 ժամ ունին ազգային արտօնագիր ստանալու համար, նշած է ան։
RTÜK-ի որոշումը պիտի հրապարակուի իր կայքով 7-10 օրուայ ընթացքին, ապա լրատուամիջոցներու համար կը սկսի 72-ժամեայ ժամկէտ, որպէսզի դիմեն արտօնագիր ստանալու համար։