Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը պատասխանած է «Ամերիկայի ձայնի» հարցման ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի Հարաւային Կովկաս կատարած այցի նպատակներու ու արդիւնքներու մասին:
Ի պատասխան, պետական քարտուղարութենէն յայտնած են.
«Պարոն Պոնոն հանդիպած է հիմնական շահագրգիռ կողմերուն հետ՝ աջակցելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին: Այս պահուն չունինք որեւէ այլ մանրամասնութիւններ յայտնելու համար: Մենք յանձնառու ենք շարունակել աջակցիլ կողմերուն, ինչպէս կրնանք, քանի որ անոնք կ'աշխատին երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն կառուցելու ուղղութեամբ»,- ըսուած է պետական քարտուղարութեան պատասխանին մէջ։