Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ` կանխելու քայլեր, որոնք կը յանգեցնեն հակամարտութեան վերսկսման: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընը: Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ իրմէ խնդրած են մեկնաբանել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
«Այդ այն է, ինչին մէջ շատ աշխոյժ ներգրաւուած եմ, այդ շարքին` կապուած Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին հետ: Ես բազմիցս խօսած եմ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի առաջին հերթին վստահ ըլլանք, որ ոչ ոք կը ձեռնարկէ որեւէ քայլի, որ կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան վերսկսման, ինչպէս նաեւ փորձենք յառաջ տանիլ եւ աջակցիլ երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման», ըսած է Պլինքընը:
Պետական քարտուղարը յաւելած է, որ կը բանակցի նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Պլինքըն նաեւ նշած է, որ պետական պիւտճով Հայաստանին յատկացուած է 45 միլիոն տոլար, որմէ երկու միլիոնը նախատեսուած է ականազերծման համար: