Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները կրնան սկսիլ արդէն յաջորդ շաբաթ։
Ինչպէս հաղորդած է USA Today պարբերականը, այս մասին Սպիտակ տան մէջ կայացած միջոցառման ժամանակ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆը։
Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպման ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտնած է, որ Իրանի հետ բանակցութիւններու պայմանաւորուածութիւն կայ։ «Անոնք կ՚ուզեն խօսիլ»,- ըսած է Թրամփը՝ հրաժարելով յստակեցնել, թէ երբ տեղի պիտի ունենայ բանակցութիւնները։
Փոխարէնը անոր բանագնաց Ուիթքոֆը լրագրողներուն ըսած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ «շատ արագ, առաջիկայ շաբթուան ընթացքին կամ մօտաւոր նման ժամանակահատուածի մէջ»։