Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլասի հետ հեռախօսազրոյցին կոչ ըրած է եւրոպական երկիրներուն աւելցնելու պաշտպանական ծախսերը։
Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
«Քարտուղար Ռուպիօն ընդգծած է անդրաթլանթեան անվտանգութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, կոչ ըրած է Եւրոպային մեծցնելու պաշտպանական ծախսերը եւ ուշադրութիւն հրաւիրած է Չինաստանի կողմէ առաջադրուած մարտահրաւէրներուն վրայ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի այդ, Ռուպիօն ողջունած է Եւրոպական Միութեան որոշումը՝ երկարաձգելու Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ պատժամիջոցները։