Հոգեկան ուրախութեամբ կու գանք հաղորդելու, թէ՝ տնօրինութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, անցնող շրջանին լոյս տեսան կրօնական, հոգեւոր ու ծիսական բնոյթի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնք կը միտին մեր ոգեղէն գանձերն ու աւանդութիւնները վառ պահել եւ օգտակար դառնալ ծուխերու եկեղեցական-ծիսական կեանքի առաւել կարգաւորման ու բծախնդիր կատարման:
Արդարեւ, վերջին երկու տարիներու ընթացքին Արեւմտեան Թեմը հրատարակութեան յանձնեց Հայ Եկեղեցւոյ ծիսարանէն կարեւոր արարողութիւններ, նպաստելով Թեմի եկեղեցիներէն ներս արարողութեանց ներդաշնակութեան, աւանդութեանց պահպանման, հաւատացեալներու կրօնական գիտելիքներու խորացման եւ ծիսական արարողութեանց լիարժէք մասնակցութեան:
Ուրախութեամբ կը նկատենք, թէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահամգներու Արեւմտեան Թեմի մեր զաւակները հաւատարիմ մեր նախնեաց ուղղափառ հաւատքին, բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ հաստատ կը պահեն իրենց մէջ քրիստոնէական արժէքները եւ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերեն Թեմի հոգեւոր ու մտաւորական վաստակին:
Արդարեւ, հոգեկան հրճուանքով ու գոհունակութեամբ կը ներկայացնենք վերջին շրջանին Արեւմտեան Թեմի լոյս ընծայած հետեւեալ գիրքերը.-
1.-Ջրօրհնէք, հրատարակուած հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Գիրքը հրատարակուած է 2024–ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրհնուած սրբալոյս նոր միւռոնով Թեմէն ներս ջրօրհնէք կատարելու նպատակով: Ջրօրնէքի նոյն այս արարողակարգը կը կատարուի Յունուար 6-ին, Սուրբ Ծննդեան Պատարագի աւարտին, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան եւ աստուածայայտնութեան:
2.- Հայրապետական Մաղթանք, հրատարակուած 2022-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ինչպէս աշխարհացրիւ հայ եկեղեցիներուն մէջ, նոյնպէս եւ Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Հայրապետական Մաղթանք կը կատարուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Գահակալութեան տարեդարձին առիթով եւ տարուայ ընթացքին եկեղեցական կամ ազգային զանազան տօներու առիթով: Գրքոյկը շատ օգկատար է նախագահող հոգեւորականին, եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն եւ նոյնիկ մասնակից հաւատացեալներուն համար: Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան կենաց արեւշատութեան համար մասնաւոր աղօթք կը բարձրացուի հայ եկեղեցւոյ խորաններէն: Գիրքը կը բովանդակէ շարականներու, աղօթքներու եւ մաղթանքներու հարուստ շարք մը։
3.- Գոհաբանական Մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց, հրատարակուած 2023-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Դարձեալ, Հայ Եկեղեցին ամենուրէք, հնամեայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ թէ Սփիւռքի ողջ տարածքի եկեղեցիներուն մէջ հայ շարականներու հոգեպարար հնչիւններուն ներքոյ գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած վասն հանրապետութեան ազգիս հայոց: Առձեռն գիրքը օգտակար է հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն եւ դպրապետներուն համար, բծախնդրութեամբ կատարելու եւ հետեւելու արարողութեան, որ կը կատարուի յընթացս Սուրբ Պատարագի:
4.-Խաչվերաց, հրատարակուած 2022-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ինչպէս խորագիրը կը մատնանշէ, գիրքը ձօնուած է Խաչվերացին, որ Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է: Գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Խաչի գերութենէն վերադարձն ու փառաբանութիւնը:
5.-Դռնբացէքի հոգեթով արարողակարգը, հրատարակուած 2023-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Արարողութիւնը տեղի կունենայ Ծաղկազարդի երեկոյեան: Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին փակուած վարագոյրին առջեւ հոգեւորականը ծնրադիր եւ յուզախառն կ՛երգէ «Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ Քեզ» շարականը եւ մեծ բանալիով մը դրան ուռնակին կը զարնէ ու հաւատացեալներուն անունով արտասուալից կը պաղատի Աստուծոյ: Արարողութեան աւարտին վարագոյրը կը բացուի, եւ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը վառեն, պատկերացնելով Աստուծոյ արքայութեան լուսաւորութիւնն ու փառքը, եւ արդարներուն Քրիստոսի հետ Արքայութիւն մտնելը:
6.- Յիշատակ Տասն Կուսանք, հրատարակուած 2023-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Արարողութիւնը տեղի կունենայ Աւագ Երեքշաբթի երեկոյեան: Ժամերգութեան ընթացքին տասը կոյսերը խորհրդանշող տասը աղջիկներ, շապիկ հագած` եկեղեցւոյ դասին մէջ կը կանգնին, ձեռքերնին վառած մոմեր բռնած: Տասը կուսանաց առակի ընթերցման պահուն անոնցմէիւրաքանչիւրը ափսէի մէջ դրուած ու ծալուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ: Թուղթերէն հինգին վրայ Իմաստուն, իսկ միւս հինգին վրայ Յիմար գրուած կ՛ըլլայ: Անոնց, որոնց Յիմար գրուած թուղթը վիճակուի` իրենց ձեռքի մոմերը կը մարեն, մինչ Իմաստուն գրութիւն ունեցողները վառած կը պահեն:
7.- Ոտնլուայի Կարգ, հրատարակուած 2023-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Ոտնլուան Աւագ Շաբթուայ այն կարեւոր արարողութիւններէն է, որ տեղի կ՛ունենայ Հինգշաբթի յետմիջօրէին: Արարողութիւնը հրաշալի պատկերացումով կը խորհրդանշէ ու մարմնաւորէ Յիսուսի սիրոյ, հեզութեան ու խոնարհութեան գերագոյն օրինակը, երբ Վերջին Ընթրիքէն ետք մէջքին ղենջակ կապեց, կոնքին մէջ ջուր լեցուց, ծունկի եկաւ Իր աշակերտներուն առջեւ եւ լուաց անոնց ոտքերը:
8.- Թաղման Կարգ, հրատարակուած 2024-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Արարողութիւնը տեղի կունենայ Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին: Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական դագաղը կը զարդարուի խաչերով, խնկամաններով, մոմակալներով ու ծաղիկներով: Պահը նուիրական է եւ սուրբ, որ կ՛ենթադրէ պատրաստութիւն եւ արարողութեան հանդիսաւոր ու կատարեալ կատարում, նուիրագործուած բոլորի մասնակցութեամբ:
9.- Արեւագալի ժամագիրք, հրատարակուած 2025-ին, գրաբար, աշխարհաբար եւ անգլերէն լեզուներով: Գիրքը կ՛ընդգրկէ «Յարեւելից», «Ճգնաւորք», «Լոյս, Արարիչ լուսոյ» եւ «Ճանապարհ» երգերը` իրենց յորդորակներով:
10.- Խաղաղական եւ Հսկումի ժամագիրք, հրատարակուած 2025-ին, հայերէն, աշխարհաբար եւ անգլերէն լեզուներով: Գիրքը կ՛ընդգրկէ «Շնորհեա՛ մեզ, Տէ՛ր», «Նայեաց սիրով», «Ի քէն հայցեմք», «Ընկալ քաղցրութեամբ» եւ «Աղերս առ Տիրամայր Աստուածածին» երգերը:
Մեր Եկեղեցւոյ առաջին Սուրբ Հայրերուն ձեռքով կարգաւորուած եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կողմէն ճոխացած նոթագրեալ շարականներով օժտուած Արեւմտեան Թեմի հրատարակած Արեւագալի եւ Հսկումի սոյն Ժամագիրքերը ուղեցոյց են Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանին ժամերգութեանց ծիսական կանոնաւոր կատարման եւ շարականներու ու մեղեդիներու ճշգրիտ երգեցողութեան: Ջերմապէս յանձնարարելի է անոնց գործածութիւնը Մեծ Պահեցողութեան ընթացքին եկեղեցական բոլոր սպասաւորներուն եւ հաւատացելներուն կողմէ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի այսու բարոյական ու հոգեւոր յանձնառութիւն կը վերցնէ հաւատարմօրէն լծուած մնալու կրօնական բնոյթի գիրքերու հրատարակութեանց անյետաձգելի ու նուիրական աշխատանքին, որպէսզի առաւել եւս ճոխանայ Թեմի բանասիրական, գրական եւ մշակութային հարուստ գանձարանը:
Կ՛արժէ որ իւրաքանչիւր ընտանիք իր տան մէջ ունենայ այս գիրքերը, որոնք շքեղ ապացոյցներն են Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ հոգեւորականին բազմադարեան հոգեւոր, ծիսական ու մտաւոր կորովին, եւ երաշխիքը՝ մեր լուսաւոր ու պայծառ ապագային:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը բարձր կը գնահատէ Թեմի հոգեւորականաց դասի անդամներէն Լաս Վեկասի Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեանը, որ սիրով ու նուիրումով յանձնառւ եղաւ եւ ստանձնեց վերոնշեալ հոգեւոր գիրքերու պատրաստութիւնը: Արեւմտեան Թեմը երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Նորա Ադամեաններուն, որոնք մեկենասութիւնը ստանձնեցին բազմաթիւ գիրքերու հրատարակութեանց: Վերջապէս, ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ մօտիկ ապագային վերոնշեալ գիրքերը լոյս պիտի տեսնեն առանձին հատորով:
Դիւան Առաջնորդարանի
Մարտ 6, 2025