Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարող միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, որպէս թեմակալ առաջնորդ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը։
Օրերս Սրբազան հօր նախագահութեամբ եւ հայրական օրհնութեամբ կայացած է թեմի Սուրբ Ծննդեան ամէնամեայ պաշտօնական ընթրիքը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ բարեբաստիկ առթիւ թեմին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Աւանդական ընթրիք»ը, զոր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն եւ Ազգ. Առաջնորդարանի գոհաբանութեան տօն՝ նուիրեց իր կողմէ «Բարերար» տիտղոսին արժանի Արեւմտեան Թեմի բոլոր զաւակներուն՝ ըսելով. «Իբրեւ Առաջնորդ այս Թեմի, մեր պաշտօնական առաջին իսկ խօսքին մէջ մենք այս Թեմը «Բարերար Թեմ» կոչուելու պատիւին արժանացուցինք, որովհետեւ, իրաւա՛մբ, մենք ձեր բոլորին մէջ տեսանք ներուժ, նուիրելու եւ նուիրուելու եռանդ ու անզիջող կեցուածք՝ յանուն այս շրջանի առաւել հզօրացման ու ծաղկումին, իսկ այսօր, ահա՛ եւ պատեհ առիթը կը նկատենք՝ մեզի ի պատիւ այս պաշտօնական երեկոն ու յատկապէս այս ընթրիքը վերածելու մեր Թեմի գոհաբանութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր անձին ու հանգամանքին ընդմէջէն եւ յանուն Արեւմտեան Թեմի երախտագիտութիւն յայտնելով ձեզի՛, Ազգային Առաջնորդարանի եկեղեցասէր ու նուիրեալ հայորդիք, կամաւորաբար ծառայողներ, բարերարներ ու նուիրատուներ: Շնորհակալութիւն բոլորի՛դ»:
Արդարեւ, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպութեամբ եւ 550 հիւրերու ներկայութեամբ իրագործուած ամէնամեայ այս ընթրիքը, որ նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի տարեկան միակ հասութաբեր ձեռնարկն է, Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս յայտարարութեամբ զգեցաւ նոր որակ ու նկարագիր եւ երախտագիտական ջերմութեամբ լեցուց բոլորին սրտերը:
Հրաւիրեալներու շարքին էին Հ.Հ. Գլխաւոր Հիւպատոս ի Լոս Անճելըս՝ Տիար Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան եւ իր տիկինը, օրուան Պատուոյ հիւրընկալ զոյգը՝ հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու բարերար Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անճելա Սթամպօլեաններ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան մեր Թեմի անդամները՝ տեարք Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Կայծակ Զէթլեան, Արեւմտեան Թեմի Կրօնական ժողովը, հոգեւոր հայրեր, Ազգ. Վարչութիւնն ու ենթակայ մարմիններ, շրջաններու ծուխերու հոգաբարձութիւններ, Խնամակալ մարմինն ու Ազգ. վարժարաններու տնօրէններ ու պատասխանատուներ, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, նուիրատուներ, հոգեւոր, ազգային, կրթական, միութենական կառոյցներու ղեկավարներ եւ բարեկամներ:
Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան կատարեց երեկոյի հանդիսավարութիւնն ու բացման խօսքը, ապա Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Վանիա Պապիկեան, որուն յաջորդեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Հոգեւորականաց դասի սրահ մուտքը, որ տօնական խորհրդաւոր մթնոլորտով պարուրեց բոլորը: Իրօք, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի կողմէ հնչեցուած ծննդեան շարականներու կշռոյթին տակ, այդ պահուն, բոլոր ներկաները անխտիր, յոտնկայս, մոմ ի ձեռին, Հոգեւորին նկատմամբ իրենց երկիւղած վերաբերումը արտայայտեցին՝ ամբողջ դահլիճը լեցնելով Ս. Ծննդեան խորհուրդով եւ սիրոյ ու յարգանքի քաղցր ընդունելութեան զգացումներով: Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան միահամուռ աւետիսին յաջորդեց թաթախի արարողութիւն, որ ամբողջացուց տօնին խորհրդաւորութիւնը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանները:
Այնուհետեւ ներկաները տեսերիզով ականջալուր եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի արտասանած հայրապետական պատգամին, որ խրախուսեց ներկաները՝ մօտիկ անցեալի անհաճոյ դէպքերն ու տագնապները մոռնալու եւ վերանորոգ թափով ու Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ նոր էջ բանալու պատրաստակամութեամբ միասնաբար յառաջ ընթանալու տեսլականով:
Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան, իսկ Ազգ. վարչութեան խօսքը փոխանցեց կազմի ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ ընթրիքին ներկայ մեծաթիւ հրաւիրեալներու մէկտեղումը՝ ի շարս այլ իրագործումներու, նկատեց Ազգ. վարչութեան գործունէութեան յաջողութեան նորագոյն վկան, ապա շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ իր հօտի զաւակներուն հետ առաջին պաշտօնական ընթրիքին առիթով:
Պաշտօնական բաժինը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքով: Ան նախ բարձր գնահատեց օրուան Պատուոյ հիւրընկալ ամոլը եւ անոր նուիրեց գնահատանքի, օրհնութեան գիր եւ յուշանուէր, ապա դրուատեց ներկաներուն հաւատարմութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր կառոյցին, անոր ազգային, կրթական ու մարդասիրական ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր եւ անձնուէր ծառայութիւնը՝ պատասխանատուներու եւ կամաւորական մարդուժին ու համայնքային ներկայացուցիչներուն եւ այս առիթով իրեն ի պատիւ նուիրուած աւանդական ընթրիքը ան իր կարգին երախտագէտ գնահատանքով մը նուիրեց դահլիճը լեցուցած հիւրերուն՝ իբրեւ «Բարերար» Թեմի հարազատ զաւակներն ու անխոնջ ծառայողները հայկական կեանքին՝ ըսելով. «Եթէ այս սրահը ունենար կարելիութիւն, ձեր բոլորին սեղանները թիւ մէկ կը թուարկէի, որովհետեւ դուք բոլորդ՝ ձեր գործունէութեամբ, նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ նուիրական ծառայութեամբ արժանի էք առաջնակարգ դիրքի վրայ դասուելու»:
Իր խօսքին մէջ վեր առնելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2025-ը «Աւանդութեանց Վերակենսաւորման Տարի» հռչակումը՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս աւելցուց. «Մենք բոլորս միասին պիտի քալենք՝ Արեւմտեան Թեմի զաւակներուն ջանքերով ստեղծուած գեղեցիկ աւանդութեանց ուղիէն: Թող որ՝ հոգատար ծնողաց նման, Արեւմտեան Թեմը մի՛շտ իր գիրկին մէջ ամուր սեղմած պահէ իր ծուխերը, ազգային եւ կրթական կառոյցներն ու ժողովուրդը եւ արժանի կերպով վայելէ սէրն ու յարգանքը, նուիրուածութիւնն ու աջակցութիւնը իր զաւակներուն, ձեր ու ձեր զաւակներուն եւ թոռներուն: Այսպէս նաեւ՝ մեր հաւաքական կեանքին գործնապէս օգտակար ըլլալու աւանդութիւնը կը դառնայ շարունակական եւ սերունդէ սերունդ», ապա շեշտեց, որ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ա՛յս շրջանը՝ Սփիւռքի եւ ընդհանրապէս՝ հայաշխարհի՛ մէջ կենսագործուած յաջողագոյն փորձն ու ամենամեծ TEAM WORK-ն է», ապա ի սրտէ բոլորին մաղթեց քաջառողջութիւն, յարատեւելու աննկուն կամք եւ անվհատ ոգի՝ ըսելով. «Քալե՛նք յառաջ ու միասի՛ն»:
Յայտնենք, որ ընթրիքը գեղարուեստականօրէն ճոխացուց արուեստագէտ Ռուբէն Յարութիւնեանի սենեկային խումբը՝ հայկական երաժշտական գործիքներու օգտագործմամբ հնչեցնելով Ս. Ծննդեան աւետաբեր ուրախ երգեր: