image

Ամմանի մէջ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է ԱՄՄ-ի կազմակերպած Ճատրակի մրցաշարքը

Ամմանի մէջ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է ԱՄՄ-ի կազմակերպած Ճատրակի մրցաշարքը

Օրերս Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած է ճատրակի մրցաշարք, Ամմանի մէջ գործող Ազգային Մարզական Միութեան (ԱՄՄ) կազմակերպութեամբ։

Նշենք, որ այս միութիւնը երկար տարիներու աւանդ ունի եւ ներկայիս միութեան կազմակերպիչ-ատենապետն է օրդ. Մարալ Ներսէսեան։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝ քաղելով ԱՄՄ-ի դիմատետրեան էջէն, զայն կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։

Հովանաւորութեամբ Յորդանանի թագաւորական ճատրակի ֆետերացիայի եւ հիւրընկալութեամբը՝ հայկական Ազգային մարզական միութեան (ԱՄՄ), ուրբաթ՝ 12 յունուար, 2024-ին, տեղի ունեցած է արագ ճատրակի բաց մրցաշարք, ԱՄՄ-ի սրահին մէջ։

Մրցաշարքը, որ բաղկացած էր մէկ դասակարգէ եւ բաց էր բոլոր տղամարդ եւ կին խաղցողներու համար, կայացած է համաձայն զուիցերական համակարգի՝ 9 փուլով, եւ կիրառելով ճատրակի միջազգային ֆետերացիայի կանոնները. Մրցաշարքը վերահսկած են 7 միջազգային մրցավարներ։

Մրցաշարքը, որ մեկնարկած է առաւօտեան ժամը տասին եւ աւարտած երեկոյեան եօթին, մասնակցութեամբ 191 տղամարդ եւ կին խաղցողներու, կը համարուի Յորդանանի մէջ կայացած խոշորագոյն մրցաշարերէն մէկը։

Մրցաշարին մասնակցած էին Թագաւորութեան բոլոր նահանգներու խաղցողներ, ներառեալ՝ 27 խաղցող Աքապայէն: Կային նաեւ մասնակիցներ այլ երկիրներէ՝ Պաղեստին, Իրաք, Եգիպտոս, Սուտան, Ֆրանսա եւ Եմէն։

Մրցաշարքի փուլերու աւարտին, Յորդանանի թագաւորական ճատրակի ֆետերացիայի փոխնախագահ Ուսամա Ալ-Ռապիհը շնորհակալական խօսք յղած է ԱՄՄ-ին, մրցաշարքը միջազգային մակարդակով եւ յաջողութեամբ կազմակերպելու համար, նշելով, որ միութիւնը նման մրցաշարեր կազամկերպած է նաեւ նախորդ տարիներուն:

Մրցաշարքի յաղթողներուն պարգեւներ յանձնած են Յորդանանի թագաւորական ճատրակի ֆետերացիայի փոխնախագահ Ուսամա Ալ-Ռապիհը, մրցավարական կոմիտէի նախագահ Քասէմ Նըմր Զայէտը, ինչպէս նաեւ  ԱՄՄ-ի կողմէ՝  ճատրակի բաժնի տնօրէն եւ միութեան փոխատենապետ Անթոն-Անդրանիկ Լէփէճեանը եւ միութեան ատենապետ Մարալ Ներսէսեանը։

ԱՄՄ-ը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Վարուժ Օհանեանին, այս մրցաշարի կազմակերպման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար։

ԱՄՄ-ը նաեւ կ՚ողջունէ եւ կը հպարտանայ ակումբի երիտասարդներու՝ Էտուարտ Վարդանեանի եւ Անթոնի Գոճայեանի մասնակցութեամբ, ակնկալելով յառաջիկայ մրցաշարերուն միութեան անդամներու աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն։

ԱՄՄ-ը, ինչպէս հայերը ամենուրէք, կը ձգտի խրախուսել ճատրակի ուսուցումը, զարգացնելու համար ռազմավարական մտածողութիւնը եւ ապագային առաջնորդ սերուդ ունենալու տեսլական գծել։

 

 

 

 Ամմանի  «Ազգային Մարզական Միութեան» ատենապետուհի՝ Օրդ. Մարալ Ներսէսեան